Ներածական

Նարօտի Նպատակը

Նարօտը, իբր համացանցային ուսամնարան, կը ձգտի Հայերէն լեզուով բարելաւել եւ բարձրացնել Հայութեան հետաքրքրութիւնը իր իմացական եւ մշակութային հարստութեան հանդէպ՝  հայթայթելով զանազան նիւթեր շօշափող բարձրորակ եւ այլազան նիւթեր, որ կը քաջալերէ ինքնութիւնը եւ գիտակցութիւնը հանրային ծառայութեան հետեւեալ կէտերով.


❁ Օգնել այցելուներուն դրական ներդրում ունենալու իրենց

     միջավայրին մէջ։

❁ Բարելաւել այցելուներուն գիտելիքները եւ մակարդակը։

❁ Քաջալերել Հայերէնով կատարուելիք հետազօտութիւն մը՝

     զանազան մարզերու մէջ (ինչպէս՝ Առողջաբանութիւն,

     Աստուածաբանութիւն, Գեղարուեստ, Գիտութիւն,

     Երաժշտութիւն, Ընկերաբանութիւն, Թուաբանութիւն,

     Իմաստասիրութիւն, Հայ Ինքնութեան Պատմութիւն,

     Հայ Լեզու, Հայ Մշակոյթի Պատմութիւն, Մարդաբանութիւն,

     եւլն.) եւ հրատարակել զանոնք Նարօտի պարբերաթերթին

     մէջ։

❁ Լեզուական այժմէացում կատարել աշխարհաբարով լոյս

     տեսած գրական գլուխ–գործոցներու թուայնացած

     հրատարակութեամբ։

❁ Արդի Հայերէն Լեզուի ուսուցում

❁ Արդի Հայերէն բառապաշարի մաքրազտում


Նարօտի Տեսիլքը, Գաղափարախօսութիւնը եւ Առաքելութիւնը

Նարօտի տեսիլքն է հրամցնել օղահիւսք մը (network) Հայորդիներուն, ուր պիտի քաղեն հոգեւոր, իմացական, նիւթական ազգային եւ միջազգային մշակոյթի մթերք։


Համագործակցութիւն մը, Նարօտի գործակիցներու կողմէ,

որ խարսխուած է հետեւեալ արժէքներու վրայ.

❁ Պարկեշտութիւն (Integrity)

❁ Իմացական կարիքներու ընդառաջում

❁ Հմտութիւն

❁ Աշխատանքի նուիրում

❁ Նիւթերու բովանդակութեան պատասխանատուութիւն


Որպէս կարեւոր կազմակերպութիւն մը հանրութեան օգուտին

     ծառայող, խարսխուած է հետեւեալ առաջադրանքներուն

     վրայ,

❁ Կարողութիւնը յանձն առնելու նիւթեր, որոնք ազգային,

     համամարդկային եւ հանրային արժէք ունին,

❁ Խոստում մը՝ միշտ գործելու, վառ պահելով հանրութեան

     վստահութիւնը։

Համացանցին միջոցով քաջալերել, զարգացնել եւ ծանօթացնել

     Հայ իմացական  թէ հոգեւոր մշակոյթը։

❁ Հայ Մշակոյթի եւ Հայ Ինքնութեան փոխանցում,

❁ Հայ Լեզուի մշակումի վայր,

❁ Քրիստոնէական մտածողութիւնը ներկայացնելու բեմ,

❁ Դասական մակարդակ ունեցող օտար գրական գոհարներու

     թարգմանութիւններու ներկայացման կեդրոն,

❁ Հեղինակներու ծանօթացման հնարաւորութիւն,

❁ Ապագայի գրողներու պատրաստութեան կրթարան,

❁ Ընդհանուր գիտելիքներու շտեմարան։



Նարօտի Գործունէութիւնները

❁ Համացանցային պարբերաթերթի հրատարակութիւն

❁ Ելեկտրոնային գրականութեան (եգիրքեր) հրատարակութիւն,

     որ ձեռք ձգելը կրնայ ըլլալ համակարգիչի մէջ իջեցնելով

     եւ կամ սկաւառակի ապսպրանքով

❁ Դասախօսութիւններ՝ YouTubeի վրայ եւ կենդանի պատկեր՝

     համալսարաններու (դասախօսութեան դահլիճներու մէջ) եւ

     համակարգիչի միջոցով (Skype, FaceTime)



«Նարօտ»ի Ուղին

❁ Հայ Մշակոյթի եւ Հայ Ինքնութեան փոխանցում,

❁ Հայ Լեզուի մշակումի վայր,

❁ Քրիստոնէական մտածողութիւնը ներկայացնելու բեմ,

❁ Դասական մակարդակ ունեցող օտար գրական

     գոհարներու թարգմանութիւններու ներկայացման

     կեդրոն,

❁ Հեղինակներու ծանօթացման հնարաւորութիւն,

❁ Ապագայի գրողներու պատրաստութեան կրթարան,

❁ Ընդհանուր գիտելիքներու շտեմարան։

Անցեալին, Հայ ինքնութիւնը կերտողներու ռահվիրաները, ինչպէս՝ Մխիթարեան Վարդապետները, կ՚ապրէին մեկուսացած դրութեամբ, հեռուէն կը ջամբէին հարկ եղող աւիշը դէպի Հայ տուն։ Ներկայիս, կ՚ապրինք գիտարուեստական յառաջացած մակարդակի հասած ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ փոքրացուցած է երկրագունդը անհաւատալի չափի մը։ Կրնանք ո՛չ միայն թղթակցիլ մէկու մը հետ, որ կրնայ ապրիլ մեզմէ հազարաւոր մղոններ անդին, այլ նոյնիսկ կրնանք տեսնել զայն, համակարգիչի միջոցով ու խօսակցիլ անոր հետ, նոյնիսկ ձրիօրէն։ Կ՚ապրինք արագընթաց կենցաղավարութեամբ, սակայն այսպիսի գիտարուեստ մը դարձած է նաեւ մարդոց ինքնութեան թշնամին… անշուշտ անուղղակիօրէն։


«Նարօտ»ը կը ներկայանայ Հայ հանրութեան՝ շարունակելու այն առաքելութիւնը, որ նախնիները կատարեցին, օգտագործելով ներկայ գիտարուեստի հնարաւորութիւնները… Հայերէնով՝ Հայերէնի համար։ Զարմանալի է ու անհասկնալի, գէթ րոպէական առաջին ազդեցութեան տակ, տեսնել ու լսել միջազգային կազմակերպութենէ մը, թէ Հայերէնի Արեւմտեան ճիւղը հասած է կործանումի կամ անհետացումի վիճակին, մանաւանդ՝ երբ Ամերիկայի մէջ համախմբուած Հայոց թիւը կը մօտենայ նուազագոյն մէկ միլիոնին։ Պատճառները շատ են, սակայն ակնառուն Հայերէնի անգործածութիւնն է։ Յովհաննէս Թումանեան ըսած է. «Լեզուն է ամէն մէկ ժողովուրդի ազգային գոյութեան եւ էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնութեան ու հանճարի ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւններու ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»։


«Նարօտ»ը գիտակից է իր կոչին՝ Հայուն ներկայացնել գիտութեան նուաճումները, իր ամբողջական փուլերով. Հայերէնով՝ Հայերէնի համար։ «Նարօտ»ի աշխատակիցները լրջօրէն մօտեցած են «Նարօտ»ի առաքելութեան, տոգորուած նոյն մտահոգութիւններով։ Համոզուած են թէ Հայ Ինքնութիւնը պահպանելով է որ Հայապահպանումը կ՚իրականանայ։ Սակայն, քանի որ «Նարօտ» Կազմակերպութիւնը ունի լուրջ առաքելութիւն մը, որ ստացած է նոյնինքն Տէր Յիսուս Քրիստոսէ, այսինքն՝ Աւագ Առաքելութիւնը, հետեւաբար՝ ծրագիրը ընդլայնելով, առաջադրած է համացանցային պարբերաթերթի կողքին ստեղծել կայքէջ մը (website), որպէս թէ՛ լեզուական ուսումնարան եւ թէ՛ հոգեւոր ներշնչարան։ Կազմակերպողները քաջ համոզուած են թէ մարդկային, իմացական եւ մշակութային ո՛րեւէ գիտական հնարք, ըլլայ լեզուական, արուեստական, եւայլն, ժամանակաւոր արժէք ունին, սակայն հոգեւորը՝ յաւերժական արժէք։ Բայց քանի որ «մսեղէն» մարմնի մէջ կը գտնուինք, երկրագունդին վրայ կ՚ապրինք եւ ունինք մարդկային, քրիստոնէական եւ ազգային ինքնութիւն, մարդկային հնարքը կը պահէ իր ինքնուրոյն արժէքը, թէեւ ժամանակաւոր որակով։ Ուստի, «Նարօտ»ը ծրագրած է գործածել այս մարդկային հնարքը, որպէս միջոց մը Աւագ Առաքելութեան իրագործման։

Ինքնութիւն

Նարօտը կ՚ընդունի թելադրանքներ, նկատումներ եւ գաղափարներ